2015-10-23 11:22:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը` ''Քրիստոնեաները պէտք են տեսնել ժամանակի փոփոխութիւնները''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ժամանակները կը փոխուին ու մենք քրիստոնեաներս պէտք են շարունակաբար փոխուինք` ազատութեամբ ու հաւատքի ճշմարտութեան մէջ'' այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ արտասանած քարոզին կեդրոնական պատուէրներէն մին։

Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց Եկեղեցւոյ գործունէութեան վրայ նկատի առնելով ''ժամանակներուն նշանները''։

 Աստուած­, ըսաւ Քահանայապետը, մեզ ազատ ստեղծեց եւ այս ազատութիւնը ունենալու համար պէտք է որ բացուինք Սուրբ Հոգւոյն զօրութեան որպէսզի լաւապէս հասկնանք այն ինչ որ կը պատահի մեր մէջ ու մեր շուրջ խորաթափանցութեամբ''։

Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց թէ այս մէկը կարելի է իրագործել աղօթքով, լրութեան մէջ ու խորհրդածութեամբ հասկնալու համար Յիսուսի կամքը։

Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ ժամանակներու նշանները հասկնալը չէ վերապահուած մշակութային ''ընտրանիի''մը, Յիսուս կը խօսի գիւղացիներուն որոնք իրենք պարզութեան մէջ գիտեն  ցորենը  բաժնել վայրի խոտէն։

Ժամանակները յեղաշրջումի մէջ են ու մենք քրիստոնեաներս պէտք են յարատեւ փոխուինք հաստատ մնալով մեր Յիսուս Քրիստոսի վրայ հաւատքին մէջ, հաստատ` Աւետարանի ճշմարտութեան մէջ, սակայն մեր վերաբերմունքը պէտք է համակերպի ժամանակներու նշաններուն։ Այս ընելու ենք խորթափանցումով եւ ուշադրութիւն դարձնելով մեր մէջ ու մեր շուրջ տեղի ունեցող անցուդարձներուն լրութեան, խորհրդածութեան ու աղօթքի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.